ԱՐԱՐԱՏ լոյս կը տեսնէ ամէնօրեայ դրութեամբ եւ պաշտօնաթերթն է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի: ԱՐԱՐԱՏ-ի հրատարակութիւնը սկսած է 12 Նոյեմբեր 1937-ին, Պէյրութի մէջ: ԱՐԱՐԱՏ-ի բովանդակութիւնը կ'ընդգրկէ քաղաքական, ընկերային, ազգային, հայրենասիրական, մշակութային, մարզական, ժամանակակից եւ այլեայլ նիւթեր: Սովորաբար, ԱՐԱՐԱՏ լոյս կը տեսնէ չորս էջի դրութեամբ: Յատուկ առիթներով ան լոյս կը տեսնէ գունաւոր եւ յաւելեալ էջերով: Իր ընկերվարական արեւելումին հետեւանքով ԱՐԱՐԱՏ մէկէ աւելի առիթներով դարձած է խափանարարական գործողութիւներու զոհը: ԱՐԱՐԱՏ իր հրատարակութիւնը կը պարտի ժողովուրդին բարոյական եւ նիւթական զօրակցութեան: ԱՐԱՐԱՏ կը տարածուի Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներուն մէջ: Աշխարհի բազմաթիւ հանրածանօթ գրադարաններ ունին ԱՐԱՐԱՏ-ի հաւաքածոները: ԱՐԱՐԱՏ-ի առաջնահերթ առաքելութիւնը եղած է անկողմնակալ լրագրութեան սկզբունքներով լուսաբանել քաղաքական, ազգային, կրթական, մշակութային, հայրենական, մարզական անցուդարձերը: ԱՐԱՐԱՏ-ի պատասխանատու խմբագիրն է Ահարոն Շխրտըմեան: |